2014-09-08 09:23:54

Կիրակնօրեայ խօսքը. «Ես Եմ» Յիսուս Քրիստոս` մեր ազատարարը…


Սիրելի՛ ընթերցող, «Յիսուս` մեր Ազատարարը» վերնագիրն է սիւնակիս, որ մեր խորհրդածութիւնն է ծովուն վրայ պատահած փոթորիկին մասին` պատմուած Ս. Մարկոսէն (Մրկ. 4,35-41):
Քրիստոսի կեանքին մէջ սովորական դէպք մը, որ, սակայն, վերածուեցաւ արտասովոր դրուագի մը` ըլլա՛յ Յիսուսի անցեալի եւ ըլլա՛յ ներկայի աշակերտներուն համար:
Նախ` Աստուածամարդուն համար չկայ տարբերութիւնը սովորականին եւ արտասովորին միջեւ, քանի ամէն բան պարզ ու յստակ է Անոր համար, որ «Է»-ն է տիեզերքին:
Երկրորդ, երկու պարագաներուն` թէ՛ սովորականին ու թէ՛ արտասովորին Տէրն է Յիսուս, որ Մարդաճանաչը եւ Հոգեսէրն է, բայց մանաւանդ` մեր Դաստիարակն է:
Այո՛, Քրիստոս խորապէս կը ճանչնայ մարդերը եւ անհունապէս կը սիրէ հոգիները, որոնք կ՛ուզէ ու կրնայ դաստիարակել, բնականաբար, եթէ անոնք կամենան:
Կամենալն արդէն շնորհք է, լոյս է ի վերուստ: Ուստի, յերկնուստ խնդրե՛նք այս կամեցողութիւնն ու տենչը, որ կարենանք ըմբռնել եւ ապրիլ խորքը այսօրուան դէպքին:
Ի՞նչ պատահած էր Յիսուսին և առաքեալներուն… Անոնք, երբ կը նաւարկէին մէկ ափէն միւսը, բռնուեցան «ամեհի մրրիկէ մը», եւ` «նաւակը սկսած էր լեցուիլ ջուրով»:
Յիսուս, սակայն, «նաւակին ետեւի կողմը, բարձի մը վրայ կը նիրհէր»: Հիանալի՜…
Այսօր ալ եւ յատկապէս այս մեր մրրկալից ու մահասփիւռ ժամանակներուն, ինչպէս նաեւ մեր մօտաւոր ու հեռաւոր շրջապատին մէջ, մենք մատնուած ենք փոթորիկներու եւ սպանդներու այնքան, որ, կարծես, մեր առօրեան պիտի խեղդուի ոչ ջուրին, այլ` առատահոս արեան մէջ…
Այսօր ալ եւ յատկապէս այս մեր մրրկալից ու մահասփիւռ ժամանակներուն, ինչպէս նաեւ մեր մօտաւոր ու հեռաւոր շրջապատին մէջ Յիսուս, կարծես, կը քնանայ մեր առօրեային ետեւի կողմը, մեր մահաբարձին վրայ…
Ուրեմն, մենք ի՞նչ ընենք… Անճրկի՞նք… Պապանձի՞նք…: Սմքի՞նք…
Ինչպէս սարսափահար առաքեալները արթնցուցին քնացած Տէրը, որ իր խօսքով հանդարտեցուց փոթորիկը, նոյնպէս մենք ալ արթնցնենք միշտ արթուն Իշխանը պատմութեան ու միշտ յօժար Տէրը ժամանակին:
Եթէ այս կարծեցեալ «քնացող» Յիսուսէն աւելի արթուն, հզօր ու մարդասէր մէկը ունիս, ցոյց տո՛ւր ինծի, բայց ո՛չ խօսքով, այլ` գործո՛վ, եւ ես պատրաստ եմ յարելու անոր: Սակայն եղբայրական զգուշացում մը ինձմէ քեզի, որ չկատարես այդ ապարդիւն փորձը, զոր քեզմէ առաջ շատեր, աւելի հզօրնե՛ր ու խելացինե՛ր, փորձեցին եւ չյաջողեցան: Այդ շատերէն կու տամ երկու օրինակներ լոկ:
Հին ժամանակներէն` Յուլիանոս Ուրացող կայսրը իր քրիստոսահալած կեանքին դժբախտ մայրամուտին լիահագագ ձայնեց. «Յաղթեցիր, Յիսո՛ւս, յաղթեցիր»: Նոր ժամանակներէն` Նիցչէ, քրիստոսատեաց փիլիսոփան, իր մահասնարին մէջ` յուսահատ ու դառնացած խոստովանեցաւ. «Յիսո՛ւս, Դուն կաս եւ կը մնաս յաղթական Տէրը»:
Մարդուն ու բնութեան միշտ յաղթող Տիրոջ կարողութիւնը տեսնելով` առաքեալները վախցան եւ իրարու կը հարցնէին.«Ո՞վ է Ասիկա, որուն նոյնիսկ հովն ու ծովը կը հնազանդին…»: Մենք ալ կ՛ուղղե՞նք նոյն հարցումը…: Ուղղե՛նք, որ ընդունինք աննախընթաց եւ անկրկնելի, բայց նաեւ անյետսկոչելի ու յստակ պատասխանը «Քնացող»-ին:
«ԵՍ ԵՄ, քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք (Մտթ.14,27): ԵՍ ԵՄ, քաջալերուեցէ՛ք, մի՛ վախնաք (Մրկ. 6,50): Խաղաղութի՛ւն ձեզի, ԵՍ ԵՄ, մի՛ վախնաք (Ղկ. 24,36): ԵՍ ԵՄ, մի՛ վախնաք (Յվհ. 6,20)»:
Ուրեմն, անսա՛նք ու հաւատա՛նք տարբեր առիթներուն ինքզինք ներկայացուցած «ԵՍ ԵՄ»-ին, զոր չենք կրնար գտնել այլ ոչ մէկ կրօնի եւ ոչ մէկ մատեանի մէջ:
«Այսուհանդերձ», անգամ մըն ալ կը հարցնենք, թէ ո՞վ է այս Տէրը, որուն հրամանին անմիջապէս կը հպատակի բնութիւնը… Կը պատասխանեմ. «Մեր Ազատարարն է Յիսուս Քրիստոս` ԵՍ ԵՄ-ը»:
«Նաւակը» մեր կեանքին ընթացքն է այս ափէն միւս ափը, այսինքն` աստենական աշխարհէն դէպի անդենական աշխարհը եւ երկրէն դէպի երկինքը, ինչպէս ալ ժամանակէն` անժամանակին, ու մահէն` անմահութեան:
Բոլորս գիտենք, քանի ստէպ կ՛ապրինք, թէ այս մեր նաւագնացութեան ատեն կը հանդիպինք բազմատեսակ մրրիկներու, որոնք մեզի կը պատճառեն նաւաբեկութիւն, եւ մենք կը մատնուինք այնպիսի ահուդողի մը, որ մեզ կը լեցնէ զօրաւոր գանգատով` Տիրոջ հասցէին.«Վարդապե՜տ, հոգդ չէ՞, որ մենք կորսուինք»:
Անշուշտ Յիսուսի հոգն է, որ մենք չկորսուինք: Անկասկած Քրիստոսի սէրն է, որ մենք ազատինք ամէն տեսակի նաւակոծութենէն: Մենք կը մոռնանք, բայց Տէրը երբեք չի մոռնար, որ մենք գնուածներն ենք իր արիւնին եւ փրկուածներն ենք իր խաչամահով:
Իր հոգիին մէջ եւ իր սիրով` Յիսուս միշտ պատրաստ ու կարող է սաստելու մեզ տարուբերող հովին եւ մեզ խեղդել սպառնացող ծովուն, բաւ է լոկ, որ մենք հաւատանք մեր Փրկչին ու վստահութեամբ խնդրենք. «Տէ՜ր, օգնէ՛ մեզի, կը կորսուինք» (Մտթ. 8,25):
Միշտ պիտի հաւատանք Յիսուսի անհուն սիրոյն եւ պիտի վստահինք Քրիստոսի ամենակալ հզօրութեան, որպէսզի չլսենք Տիրոջ այժմէական յանդիմանութիւնը. «Ինչո՞ւ կը վախնաք, տակաւին հաւատք չունի՞ք…»:
Այո՛, զարմանալի է Տէրը: Կ՛ուզէ, որ մեր անսասան հաւատքով ու անվերապահ վստահութեամբ, «բռնադատենք» Զինք միջամտելու եւ հրաշագործելու ի նպաստ մեր անկարողութեան, խռովքին ու վախին:
Ուստի, դուն, ես եւ ան` մենք հաւատա՛նք Անոր, որ կը ձայնէ մեզի այս ափէն միւս ափը ըրած մեր նաւարկութեան ընթացքին. «Կ՛ըսեմ ձեզի, ինչ որ խնդրէք աղօթքով, հաւատացէ՛ք, որ արդէն իսկ ընդունած էք զայն, ու պիտի տրուի ձեզի» (Մրկ. 11, 24):
Սրտաբուխ աղօթքս ու մաղթանքս է, որ դուն, ես եւ ան` մենք վստահինք Տիրոջ խօսքին: Ապաւինի՛նք ոչ մեր փոքր ու ճղճիմ եսին, այլ` միայն «ԵՍ ԵՄ»-ին, որուն Մօր մեր փորձառու նախնիքները աղօթեցին` թախանձելով. «Մայր սուրբ սքանչելի Լուսոյն, աղաչեա՛ վասն մեր զառ ի Քէն զմարմնացեալն Աստուած, զի լռեսցեն պատերազմունք, դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց, տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի»: Ամէն:
Այնճար, 31 Օգոստոս 2014


ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.